2011-01-23 10:04:34

Շաբաթ, 22 Յունուար 2011 - Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութիւնը


Շաբաթ, 22 յունուար 2011, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - սուրբ Եղիա Աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նախագահեց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ արհիապատիւ տիարք՝ Վարդան եպս. Աշքարեան, Յովհանէս եպս. Թէյրուզեան, Պօղոս արք. Գուսան, Նշան արք. Գարաքէհէեան, Օգոստինոս եպս Գուսան, Յովսէփ եպս. Առնաութեան, Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան, Մխիթարեան միաբանութեան աբբահայր՝ Եղիա թ.ծ.վրդ. Քիլաղպեան եւ միաբան հայրերը։ Արարողութեան մասնակցեցան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի, խորհրդարանի նախագահի եւ վարչապետի ներկայացուցիչները, Մարոնիթ պատրիարք կարդինալ Սֆէյրը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, Լիբանանի մէջ առաքելական նուիրակ՝ Կապրիէլ Քաչիա, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, Լիբանանի խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, ինչպէս նաեւ պետական, քաղաքական, զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քոյր Եկեղեցիներու եւ զանազան կազմակերութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յուղարկաւորութեան ընթացքին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Գասպարեան հոգեւոր տիրոջ ընդհանուր կենսագրականին, անոր քահանայական ու հայրապետական բեղուն գործունէութեան եւ առաքելութեան:
Այնուհետեւ, առաքելական նուիրակ՝ մոնսէնիոր Կապրիէլ Քաչիա կարդաց սրբազան քահանայապետին յղած ցաւակցագիրը ֆրանսերէն լեզուով։ Ապա Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան ընթերցեց ցաւակցական հեռագիրերը Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան հայրապետին մահուան առթիւ։
Յաւարտ յուղարկաւորութեան արարողութեան, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, Արծիւեան միաբանութեան մեծաւոր՝ գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան եւ հանգուցեալ հայրապետին ընտանիքը ընդունեցին ցաւակցութիւններ եկեղեցւոյ մէջ։
Թաղման արարողութենէն ետք, յուղարկաւորներու ինքնաշարժներու հսկայ թափօրը մեկնեցաւ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցիէն, հետեւելով մեռելակարգին, եւ կէսօրուայ ժամը 1։30-ին հասան Զմմառու մայրավանք, միաբան հայրերը հայրապետին թագաղը ուսամբարձ, թափօրով առաջնորդեցին վանական եկեղեցին ու զետեղեցին դասին մէջ՝ կաթողիկոսական - պատրիարքական դամբարանին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ հայրապետական գերեզմանի արարողութիւնը, որմէ ետք միաբան հայրերը հայրապետին դագաղը զետեղեցին կաթողիկոսական դամբարանին մէջ միանալու Տանն Կիլիկիոյ նախորդ հայրապետներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.