Միացեալ Նահանգներ - 25 Նոր Անդամներ Կը միանան ՀՕՄ-ի Անահիտ Մասնաճիւղին
Վերջերս Ֆերահեան վարժարանի Տիգրանեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին
25 նոր անդամներ միացան ՀՕՄ-ի Հիւսթընի Անահիտ մասնաճիւղին։ Նորագրեալ անդամուհիներու
կնքամայր Արուսեակ Մելքոնեան նկատել տուաւ, որ պէտք է հպարտ ըլլան, որ կը միանան ՀՕՄ-ի
շարքերուն, աւելցնելով, որ իրենց մասնակցութիւնը պիտի նպաստէ ՀՕՄ-ի գործունէութիւններուն
շարունակականութեան։ Աւարտին միութեան ատենապետ Արմենուհի (Միմի) Թովմասեան Անահիտ
Մէյմարեանի եւ Մաքօ Մկրտիչեանի յուշանուէրներ յանձնեց իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար։
Հարկ է նշել, որ վերջինները ստացած են նաեւ Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանը։