2011-01-23 10:15:53

Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի նոր քարտուղարը մտադիր է նոր կամուրջներ կառուցել Չինաստանի հետ։


Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի նոր քարտուղարը` չինացի սալեզեան հայր Հոն Թայի-ֆայ կը բաղձայ կամուրջներ կերտել Չինաստանի հետ։ Նշենք թէ այս առաջին անգամն է որ Վատիկանը չինացի եկեղեցական մը բարձր պաշտօնի կը կանչէ։
Ան հանդիսաւորապէս իր պաշտօնը ստանձնած է 21 յունուարին։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով յայտնած է թէ գիտակից է իր մեծ պաշտօնին ու պատասխանատուութեան, որ կը ներփակէ աւելի քան հազար եկեղեցական գաւառներ։ Ան իր պաշտօնը ստանձնելով իր գնահատանքն ու սէրը յայտնեց հանդէպ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, որ մեծ սէր ցոյց կու տայ հանդէպ Ասիայի ցամաքամասի ու մասնաւորապէս Չինաստանի։








All the contents on this site are copyrighted ©.