2011-01-23 10:14:00

Թեհրան - Թեմական Խորհուրդի Անդամներուն Այցելութիւնը
Հայ մշակութային Սիփան Միութեան Նորակառոյց սրահներուն


10 յունուարին Թեհրանի հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Աիդա Յովհաննիսեան եւ խորհուրդի անդամները այցելեցին Հայ մշակութային Սիփան միութեան նորակառոյց սրահները եւ այլ բաժինները։
Միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրվանեանի եւ վարչութեան անդամներու ուղեկցութեամբ Թեմական խորհուրդին կազմը մօտէն ականատես եղաւ սրահներու եւ նորակառոյց բաժիններու յարդարման ու շինարարական աշխատանքներուն։
Հանդիպումի ընթացքին միութեան վարչութեան նախագահ Հայկազ Շիրվանեան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց Թեմական խորհուրդի եւ Ազգային իշխանութեանն անվերապահ աջակցութիւններուն համար։
Ան նաեւ ներկայացուց այն ծրագիրներն ու հեռանկարները, որոնք պիտի իրագործուին սրահներու պաշտօնական բացումէն ետք, եւ Թեմական խորհուրդին հետ կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում՝ աշխատանքները աւելի հեզասահ ընթացքի մէջ դնելու համար։ Ան նաեւ յայտնեց, որ բոլոր աշխատանքները աւարտելէն ետք, մօտիկ ապագային պիտի կատարուի սրահին պաշտօնական բացումը։
Թեմական խորհուրդին ատենապետը իր ելոյթին ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ տարուած աշխատանքներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ ծրագիրներուն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.