Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի՝ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը ժամանէ։
Ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համակարգող խորհուրդը երէկ տարածած է յայտարարութիւն
մը, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի՝ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանումին
նախօրեակին։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ջաւախահայութեան հիմնախնդիրներուն լուծման
միջոցով միայն կարելի պիտի ըլլայ կայուն հիմք ստեղծել հայ-վրացական բարի դրացիական յարաբերութիւններու
ամրապնդման համար։ Մամլոյ մէջ տարածուած տեղեկութիւններուն համաձայն, երկու նախագահները
Երեւանի մէջ պիտի քննարկեն երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։ Յայտարարութեան
մէջ ըսուած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններուն հիմնաքարերէն մէկը վրացահայութեան
եւ ջաւախահայութեան քաղաքացիական, կրօնական, լեզուական, կրթամշակութային իրաւունքներու
պաշտպանութիւնը եւ անոնց առջեւ դրուած հիմնախնդիրներու լուծումն է։ Այդ հիմնախնդիրներէն
ամէնէն կարեւորներն են՝ Ջաւախքի մէջ հայոց լեզուին կարգավիճակ տրամադրելու հարցը, Հայ
առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմին իրաւական կարգավիճակ տրամադրելը եւ խորհրդային
ժամանակաշրջանին բռնագրաւուած եկեղեցիները վերադարձնելը, ջաւախահայ ազգային-հասարակական
գործիչներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու դադրեցումը, Հայաստան-Ջաւախք սահմանակէտին
վրայ վրացի սահմանապահներու կողմէ կիրարկուող՝ հայատառ գիրքերու, թերթերու եւ ամսագիրներու
հրատարակման արգելքին վերացումը, Ջաւախքի հիմնախնդիրներով մտահոգ խումբ մը հայաստանցի
գործիչներու՝ Վրաստան մուտք գործելու արգելքին վերացումը, Ջաւախքի հայկական դպրոցներուն
մէջ կրճատուած հայերէն դասաժամերու վերականգնումը։ Յայտարարութեան մէջ երկու երկիրներու
նախագահներուն կոչ կ՚ուղղուի բանակցութիւններու ընթացքին քննարկել նաեւ վերոնշեալ խնդիրները,
որոնց լուծումով միայն կարելի պիտի ըլլայ կայուն եւ երկարաժամկէտ հիմք ստեղծել հայ-վրացական
բարի դրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար։ Միւս կողմէ, «Ճի. Էյչ. Էն.»
լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի 2011-ին
առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստանն պիտի տայ։ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար
Նինօ Կալանտածէ յայտնեց, որ Սահակաշվիլի Հայաստան պիտի այցելէ այսօր։ Կալանդածէ նշեց,
որ այդ այցելութիւնը կ՚ընդգծէ Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ միջեւ բարեկամութիւնը։ Ինչ
կը վերաբերի այն հարցին, թէ ի՛նչ խնդիրներ պիտի քննարկուին այցելութեան ծիրին մէջ, փոխնախարարը
նշեց, որ օրակարգը պիտի ընդգրկէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն
առնչուող հարցեր։ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կրիկոլ Վաշածէ եւս պիտի ժամանէ
Հայաստան։