2011-01-22 11:03:11

Ռուսիոյ նախագահը կը տեսակցի Կիպրոսի օրթոտոքս եկեղեցւոյ գահերէցի հետ, որ դաբնեկիր նշանակուեցաւ օրթոտոքս քրիստոնեաններու ի խնդիր տածած աշխատանքին համար։


Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ 21 յունուարին ընդունեցաւ Կիպրոսի օրթոտոքս եկեղեցւոյ առաջնորդը` արքեպիսկոպոս Քրիզոսդոմ եւ շնորհաւորեց զինք առած ըլլալուն համար օրթոտոքս քրիստոնեաներու ի խնդիր 2010-ի մրցանակը։ Պարգեւատրումին ներկայ էր նաեւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիւրեղ Ա.
Նշենք թէ օրտոքս քրիստոնեաներու միութեան միջազգային հիմնադրամը հիմնուած է 1995ին։ Ունի որպէս կէտնապատակ օգնել օրթոտոքս եկեղեցիները միասնաբար գործելու ու ամրապնդելու հոգեւոր, մշակութային ու ընկերային կապերը։ Հիմնադրամին մրցանակը համազօր է 50 հազար տոլարի որ դաբնեկիրները միշտ յատկացուցած են բարեսիրական մարմիններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.