2011-01-22 11:01:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող ''կեանքի ի խնդիր'' 7-րդ քայլարշաւին, որ տեղի կ'ունենայ կիրակի 23 յունուարին։


Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը քաջալերէ բոլոր այն բարի կամք ունեցող մարդիկը, որոնք յանձնառումով կը գործեն կեանքի պաշտպանութեան ի խնդիր, կը մասնակցին քայլարշաւին ու միշտատեւ կը սատարեն ու կը քաջալերեն կեանքի մշակոյթի վերահաստատումին համար։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ կը հրաւիրէ զանոնք սիրելու ու պատուելու կեանքը ամէն անհատի` իր յղացումէն մինջեւ բնական մահը եւ միաժամանակ կը խթանէ յանձնառու մարդիկը գործելու որպէսզի բոլոր անհատներու երաշխաւորուի արժանավայել ու եղբայրական կեանք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.