Այսօր Ժամը 11.30 Սրբազան քահանայապետը Սրբուհի ագնէսի տօնին առթիւ պիտի օրհնէ երկու
գառնուկներ որոնց բուրդով կը հիւսուին Պալիումները՝ այսինքն Եմիփերոնը։ Նշենք թէ Եմիփերոնը
կամ Պալիոմը Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոսի տօնին առթիւ կը շնորհուի նորօծ Արքեպիսկոպոսներուն,
իբրեւ նշան՝ Սուրբ Աթոռի հետ իրենց միութեան։ Յիշեցնենք թէ՝ 20 տարի առաջ, ճիշդ այս տօնին
առթիւ նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր առաջին այցելութիւնը
կը կատարէր Վատիկան ու կը հանդիպէր այդ ժամանակի Սրբազան Քահանայապետին՝ երջանկայիշատակ
Յովհաննէս Պօղոս Բ.ին