2011-01-21 12:56:48

Մամլոյ Ասուլիս Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդակցութեան 44 համաշխարհային Օրուայ Պատգամը Ներկայացնելու։


Յառաջիկայ Երկուշաբթի՝ 24 յունուար 2011-ի առաւօտեան ժամը 11.30ին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի Յովհաննէս Պօղոսի անուան նուիրուած՝ սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, ներկայացնելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ընկերային Հաղորդակցութեան 44 համաշխարհային օրուայ առիթով յղած պատգամը որուն նիւթն է <<Ճշմարտութիւն, իսկական կեանքի աւետումը տիճիդալ դարաշրջանին>>։

Մամլոյ ասուլիսը կը ներկայացնեն Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի՝ Նախագահը Քահանայապետական Ընկերային Հաղորդակցութեանց Խորհուրդին, Գերապայծառ Փոլ Թիկէ՝ նոյն խորհուրդի քարտուղարը, գերապայծառ Ճիուզեփփէ Անթոնիօ Սգոթթի՝ վերոյիշեալ խորհուրդի օգնական քարտուղարը, եւ Տոքթ. Անճէլօ Շելցօ՝ ենթաքարտուղարը Քահանայապետական Ընկերային Հաղորդակցութեան Խորհուրդին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.