2011-01-21 11:41:50

Հայկական Հիւլէական Կայանին Սեփականատէրը Միայն Հայաստանի Կառավարութիւնն է


Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը հերքեց «Հայկական ժամանակ» օրաթերթի երէկուան հրապարակումներէն մէկուն մէջ հրատարակուած այն լուրը, ըստ որուն ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը հայկական հիւլէական կայանի համասեփականատէրն է։ Թերթին հրապարակման համաձայն, «Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլլեր այդ յայտարարութիւնը կատարած է գերմանական «Շփիկըլ» ամսագիրին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ նշելով, որ «Կազփրոմ»ը հայկական հիւլէական կայանի համասեփանակատէրն է։
Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքը ընդգծեց, որ Հայաստանի գործող օրէնսդրութեան համաձայն, Հայաստանի հիւլէական կայանը Հայաստանի պետական սեփականութիւնն է։ Հիւլէական կայանի բաժնետոմսերուն 100 առ հարիւրին սեփականատէրը Հայաստանի կառավարութիւնն է։ Օրէնքը թոյլ չի տար այդ բաժնետոմսերը օտար ընկերութիւններ ծախել։








All the contents on this site are copyrighted ©.