2011-01-20 11:00:11

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը-
Քահանայապետական Անունաում


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց իտալացի կարտինալ Աթթիլօ Նիքորան որպէս նախագահը Վատիկանի ֆինանսական տեղեկատուութեան։
Այս նոր Մարմնին պարտականութիւնն է, արգելք հանդիսանալ ոճրագործներէն, ահաբեկիչներէն ու սեւ շուկայէն եկած՝ դրամի մուտքին Վատիկանի դրամատան մէջ։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը նշանակեց իտալացի չորս աշխարհականներ որպէս անդամ այս մարմնին։ Յայտնենք թէ անցեալ 30 դեկտեմբերին Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց չորս նոր օրէնքներ հայող՝ Վատիկանի դրամատան, որպէս արդիւնքը Եւրոպայի Միութեան հետ 2009-ին ստորագրուած համաձայնութեան։
Այս նոր օրէնքներու կիրարկումով Վատիկանը մաս կը կազմէ այն պետութիւններուն որոնք արձանագրուած են "White list"-ի՝ սպիտակ ցանկի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.