2011-01-20 11:33:42

Յունաստան Հայաստանի Աւանդական Բարեկամներէն է -Ըսած Է Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան։


Յունաստանի նախագահ, Քարոլոս Փափուլիաս սարքեց պետական ընթրիք մը՝ ի պատիւ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ անոր կնոջ՝ Ռիթա Սարգսեանին ։
Ընթրիքի ընթացքին նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Յունաստան Հայաստանի աւանդական բարեկամներէն է եւ երկու երկիրներու ժողովուրդները իրարու կապուած են հինէն հիւսուած բազմաթիւ թելերով։ Ըստ անոր, ձեւաւորուած փոխադարձ համակրանքը եւ բարեկամութիւնը վերածուած են իսկական եղբայրութեան։ Ատիկա յատկապէս դրսեւորուեցաւ անցեալ դարասկիզբին, երբ Յունաստան իր հիւրընկալ հողին վրայ ապաստան շնորհեց 1909 թուականի Ատանայի կոտորածներէն, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն եւ 1922-ի Զմիւռնիոյ ջարդերէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր հայերու։
«Հայաստանի անկախութենէն ետք մեր յարաբերութիւնները անցան նոր մակարդակի։ Մենք սերտ համագործակցութիւն կը ծաւալենք բոլոր մարզերուն մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական, մշակութային եւ ապակեդրոնացուած մակարդակով։ Մենք կը կիսենք համամարդկային միեւնոյն արժէքները՝ ձգտելով միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան, հաւատալով հանդուրժողականութեան ուժին», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Նախագահ Սարգսեան յայտարարեց, որ իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ, Յունաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութիւններու մշակման եւ իրականացման։ Հայաստան կ՚ակնկալէ Յունաստանի աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը խթանելու հարցին մէջ։









All the contents on this site are copyrighted ©.