2011-01-20 11:03:51

Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ։


Այս շաբաթուայ խորհրդածութիւնն ու աղօթքը ներշնչուած են Գործ Առաքեալներու Գիրքի սա համարէն. ''անոնք` հաւատացեալները, կը յարատեւէին Առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն'' ։
Կարտինալ Գուրտ Գոշի` Եկեղեցիներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահին կոչը նահատակներու համամիութեան ի խնդիր։
Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի հրապարակած յօդուածին մէջ, կարտինալը կը յիշեցնէ թէ 2008ին աւելի քան 230 միլիոն քրիստոնեաներ թիրախը եղան կրօնական խտրականութեան, հալածանքի ու հարստահարումի, այս պատճառաւ ան կոչ կ'ուղղէ որեւէ համայնքի պատկանող հաւատացեալներուն հրապարակաւ խօսելու եւ դատապարտելու իրենց կրած հալածանքը ու միասնաբար աշխատելու կրօնական ազատութեան ու մարդու արժանաւորութեան յարգանքին։ Կարտինալը իր յօդուածը կ'եզրափակէ ընդգծելով թէ այս բանին մէջ կը կայանայ համամիութենական պատասխանատուութիւնը։









All the contents on this site are copyrighted ©.