2011-01-19 13:06:46

Տէր Զօրի յանձնախումբը Անթիլիասի մէջ


Ուրբաթ 14 Յունուարին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութիւնը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Տէր Զօրի Յանձնախումբին հետ: Յայտնենք, որ մի քանի տարիներ առաջ Վեհափառը Տէր Զօրը հռչակած էր ՜՜Ազգային Ուխտատեղի՝՝. նաեւ Կեդրոնական Յանձնախումբ մը նշանակուած էր, որպէսզի Տէր Զօր կատարուող ուխտագնացութիւնները դառնան աւելի կազմակերպուած:

Հանդիպման ընթացքին լայն կերպով քննարկուեցան շարք մը ծրագիրներ՝ առնչուած Տէր Զօրի եկեղեցւոյ ու համալիրին։
Որոշումներու կարգին է. ՜՜մօտ ապագային Տէր Զօրի յատուկ կայքէջ մը հաստատել՝ թէ՜ Կաթողիկոսարանի եւ թէ Բերիոյ թեմի կայքէջներուն առընթեր, որպէսզի Հայ ժողովուրդի զաւակները եւ մանաւանդ օտարներ մօտէն ճանչնան Տէր Զօրը եւ տեղեակ դառնան հոն կատարուող ուխտագնացութիւններուն՝՝:
Վեհափառը յայտնեց, որ նկատի ունենալով թէ այս տարի Ապրիլ 24–ը կը զուգադիպի Ս. Զատկուան, ինք պիտի մեկնի Տէր Զօր, որպէսզի Սուրբ Զատկուան Պատարագը հոն մատուցանէ եւ իր պատգամը այնտեղէն Տէր Զօրէն ուղղէ հայ ժողովուրդին։


Այնճարի Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ, Նարեկացի երգչախումբի համերգ
Նախաձեռնութեամբ Այնճարի Ս Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ թաղականութեան անցեալ շաբաթ, 15 յունուար 2011-ին, երեկոյեան Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Նարեկացի երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, Ս Ծննդեան համերգով հանդէս եկաւ Այնճարի մէջ։
Համերգին ներկայ գտնուեցան քահանայ հայրեր, Այնճարի քաղաքապետը եւ երաժշտասէրներու բազմութիւն մը։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ Աւագ քհնյ Գարագաշեան, որ այնճարցիներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց Նարեկացի երգչախումբին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեց ի տես նորակազմ երգչախումբի յաջողութեան։
Այնուհետեւ Նարեկացի երգչախումբը ներկայացուց հայ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարներէն՝ Կոմիտասէն, Խորենացիէն, Զարեհ արք Ազնաւորեանէն, Եկմալեանէն Ս Ծննդեան շարականներ։
Յայտագիրը կընդգրկէր նաեւ արաբերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով եւ իտալերէնով Ս Ծննդեան երգեր։
Տեղին է նշել, որ Նարեկացի երգչախումբը նմանօրինակ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Պէյրութի մէջ, 2 յունուար 2011-ին, ժողովրդային հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։
Աւարտին Ս Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ տիկնանց միութիւնը հիւրասիրութեամբ մը պատուեցին Նարեկացի երգչախումբը։











All the contents on this site are copyrighted ©.