Վատիկանի Ռատիոկայանի Ընդհանուր Տնօրէն Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական
Խմբագրականը Յովհաննէս Պօղոս Բ Երանելի
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ստորագրեց Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի
միջնորդութեամբ իրականցած՝ հրաշքի վճռագիրը, որով բացուած կը նկատուի անոր երանացման
ընթացքը։ Եկեղեցին կ՛ընդունի որ Գարոլ Վոյթիուան իր կենցաղով վկայեց օրինակելի քրիտոնավայել
կեանք մը, ան բարեկամ ու բարեխօս մըն է որ Աստուծոյ Ժողովուրդը կը հրաւիրէ նայուածքը
ուղղելու առ Աստուած անոր հետ հանդիպելու նպատակով։ Որքան արտակարգ նկատուած ըլլան
սակայն, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի գործունէութիւնը չէ որ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, այլ՝
այս գործունէութիւններուն հոգեւոր աղբիւրը ՜՜ իր հաւատքը, յոյսը եւ անհուն սէրը՝՝։ ՅՊԲ.ի
գործունէութիւնը արժանի է մեր գնահատանքին, որովհետեւ անիկա արտայայտութիւնն է՝ իր
՜՜Աստուծոյ հետ ունեցած հարազատ ու խոր կապին, Քրիստոսի եւ մարդոց հանդէպ ունեցած սիրոյն,
սկսելով աղքատներէն եւ տկարներէն, ու իր որդիական մօտեցումին Աստուածամօր։
Արդ՝
զինք կը յիշենք երբ կ՛ամփոփուէր աղօթքի պահուն, իր մեծ փափաքին քարոզելու Յիսուսը որպէս
փրկիչը մարդկութեան ու զայն ճանչցնելու եւ սիրել տալու աշխարհի երիտասարդներուն։ Կը
յիշենք զինք երբ սիրայօժար կը մօտենար հիւանդներուն եւ տառապեալ մարդոց, երբ կ՛այցելէր
կարօտեալ ժողովուրդները ըլլան անունք սնունդի կամ արդարութեան կարօտ անձեր, ի վերջոյ
կը յիշենք իր անձնական տառապանքին փորձառութիւնը ու հաւատքի միջոցաւ ապրած հիւանդութիւնը
մեր ու Աստուծոյ աչքերուն առջեւ։ Իր կեանքն ու Քահանայապետութիւնը եղան խաչի ճանապարհ
մը՝ որոնց ընդմէջէն ուզեց աշխարհին ցոյց տալ Աստուծոյ անհուն սէրը եւ գթութիւնը։ Աշխարհը
պէտք ունի այս սիրոյն եւ գթութեան։ Ասոր համար մեր ուրախութիւնը կը յայտնենք տօնախմբելու
անոր երանացման արարողութիւնը, ճիշդ այն օրը որ ինք ուզեց որ համայն եկեղեցին աղօթքով`իր
նայուածքը ուղղէ Աստուածային գթութեան։