2011-01-19 12:39:51

Հրանդ Տինքի յիշատակին


19 յունուար 2007-ին Պոլսոյ «Ակօս» երկլեզու շաբաթաթերթի խմբագրատան դիմաց իր վերջին շունչը կը փչէր թերթին հիմնադիրն ու խմբագրապետը՝ Հրանդ Տինք... եւ այսպէս լռութեան կը դատապարտուէր հայութեան վերաբերող զանազան հարցերու՝ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան մասին համարձակօրէն արտայայտուող՝ պոլսահայ յայտնի լրագրողը, որուն գրիչին մելանը եւս կը դադրէր հոսելէ ու Թուրքիոյ մէջ խնդրայարոյց նկատուող խնդիրներուն անդրադառնալու, թուրք հասարակական կարծիքը կարգ մը իրականութիւններու իրազեկ դարձնելու փորձերը կը կասեցուէին, ու այսպէս ալ յանդուգն հայուն բացագանչող գրիչը կը կոտրէր...
Բայց եւ այնպէս իր նահատակութեամբ՝ Հրանդ Տինք եղաւ եւ գոռացող եւ արձագանգող։
Ո՛չ միայն համայն աշխարհին լուսարձակները բացուեցան այս դէպքին վրայ, այլ Տինքի սպանութեամբ՝ թուրք բնակչութիւնը եւս բաժնուեցաւ երկու տարբեր խմբակներու, որոնց առաջինը Տինքի սպանութեան յաջորդող օրերուն եւ անոր սպանութեան տարելիցներուն առիթով ցոյցեր կը կատարէ՝ միշտ ալ վեր բռնելով «Բոլորս Հրանդ ենք։ Բոլորս հայ ենք» կարգախօսը, մինչ երկրորդը միշտ ալ քննադատած է առաջինը՝ անոր մաս կազմողները մեղադրելով զանոնք թրքութեան դէմ գործելու յանցանքով։

Պոլսահայ յայտնի լրագրողին նահատակութեան չորրորդ տարելիցին առիթով յուզմունքով կը ոգեկոչենք Հրանդ Տինքի յիշատակը կարդալով անոր գրուածներէն մէկ հատուած մը։
՜՜Ես շատ լաւ գիտեմ, որ աշխարհը տարիներ շարունակ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը Թուրքիոյ դէմ իբրեւ խաղաքարտ օգտագործեց եւ պիտի օգտագործէ։ Այդ մէկը տեսնելով՝ կ՚ըսեմ, որ աշխարհի ճանաչման կարիք չունիմ։ Ես շատ հանգիստ եմ։ Եթէ մէկը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, անիկա Թուրքիան է։Թերեւս այս նպատակին համար կ՚աշխատիմ, բայց որեւէ պատրանք չունիմ։ Եթէ թուրքերը չեն քննարկեր եւ չեն տեսներ իրականութիւնը, ապա ատիկա իրենց յանցանքն է։Ի վերջոյ, եթէ Թուրքիան կ՚ուզէ ժողովրդավար երկիր դառնալ, ապա պէտք է սթափի եւ այդպէս նայի այս հարցին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.