2011-01-19 12:40:34

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը։


Երեքշաբթի 18 Յունուար 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի նոր դեսպան Հոմեր Մավրոմատիսը: Նոր դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Կիպրոսի Նախագահին ու պետութեան ողջոյնները, բարձր յարգանքով խօսեցաւ կիպրահայ համայնքին մասին, շեշտեց հայ եւ յոյն եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը:


Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին ընդհանուր գիծերով ներակայցուց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, անդարդառնալով յատկապէս կիլիկեան շրջանէն սկսեալ Կիպրոսի ու Կիլիկիոյ թագաւորութեանց միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական գործակցութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը ապա շեշտեց յոյն եւ հայ ժողովուրդներու գործակցութիւնը աւելի խորացնելու անհրաժեշտութիւնը նկատի ունենալով Թուրքիոյ ժխտական կեցուածքը թէ՜ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ թէ Կիպրոսի հարցին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ հետզհետէ Թուրքիոյ թափանցումը Միջին Արեւելքէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.