Փարիզի Սուրբ Խաչ Եկեղեցիոյ Ժողովրդապետ՝ Գերապատիւ Հ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանի Վկայութիւնը,
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան՝ Վաստակաւոր Կաթողիկոս Պատրիարքի Մահուան Ի Լուր։
Մեծ Ցաւով իմացանք
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. վաստակաւոր կաթողիկոս պատրիարքին մահուան
լուրը որ պատահեցաւ կիրակի 16 յունուարի առաւօտեան ժամը 6-ին, ողբացեալ Հայրապետը եղած
էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք՝ 1982-1999 տարիները
Այս
առթիւ հեռաձայնային կապ ունեցանք գերապատիւ Հայր Գէորգ Վրդ Ասատուրեանին հետ ժողովրդապետը
Փարիզի հայ կաթողիկէ Ս Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը որ իր վկայութիւնները տուաւ ողբացեալ
Հայրապետին մասին. Նշենք թէ Հայր Գէորգ երկար տարիներ աշխատած է Լիբանանի մէջ եւ մեծապէս
նուիրուած է իր հօտին (երկրին դժուար օրերուն) ծառայելով համայնքի զաւակներուն, եւ հոգալով
անոնց թէ հոգեւոր եւ թէ նիւթական կարիքները։