2011-01-16 12:57:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ուխտագնացութիւնը աշխարհի կրօնապետերու հետ Իտալիոյ Ասիզի քաղաքը սրբավայրը ս. ֆրանչիսքոսի վերակոչելու կրօներու ներկայացուցիչներու առաջին հաւաքի 25-րդ տարեդարձը ։


Յունուար մէկին Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին ընթացքին ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յայտնեց իր կամքը ուխտագնացութիւն կատարել աշխարհի կրօնապետերու հետ Իտալիոյ Ասիզի քաղաքը` սրբավայրը ս. ֆրանչիսքոսի։ Այս լուրին վրայ Ասիզիի ֆրանչիսքեան միաբանութեան Պահակը ` հայր Ճուզեփփէ Բիեմոնդեզէն իր ցնծութիւնը եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Այս նախաձեռնութիւնը նոր թափ մը պիտի տայ խաղաղութեան իրականացումին շնորհիւ քրիստոնեայ եւ բոլոր կրօներու աղօթքին։ Հալածանքներու ալիքը մասնաւորապէս քրիստոնեաներու նկատմամբ ստիպողական կը դարձնէ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներու միատեղ աղօթքը ու ամէն անհատի պատասխանատուութիւնը։
Կարելի է հաստատել, յարեց Ասիզիի ֆրանչիսքեան միաբանութեան Պահակը, թէ ս. ֆրանչիսքոս իր կեանքի ամէն մէկ պահուն ապրեցաւ ու քարոզեց խաղաղութիւնը։ Վստահ եմ որ Ասիզիի սուրբը անգամ մը եւս պիտի աջակցի բարի կամք ունեցող մարդոց ու անոնց պիտի ներշնչէ խաղաղութեան մտածումներ ու ներգործութիւններ։ Ասիզիի ֆրանչիսքեան միաբանութեան Պահակը իր խօսքը կ'եզրափակէ երաշխաւորելով որ ֆրանչիսքեանները անհամբեր կը սպասեն Ձեր Սրբութեան ու բարի կամք ունեզող կրօնապետերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.