2011-01-16 12:56:41

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


կիրակի 16 յունուար Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց.
Առաջին` գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային 97-րդ օրուան մասին։
Եկրորդ` Քրիստոնեաներու աղօթքի շաբաթուան մասին 17-25 յունուար։ Հուսկ Խօսեցաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման մասին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկան մայիս մէկին։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այս կիրակին եկեղեցին կը յիշատակէ գաղթականներու ու փախստականներու օրը։ Ամէն տարի Եկեղեցին կը հրաւիրէ մեզ պահ մը խորհրդածելու բազմաթիւ այրերու ու կիներու եւ ընտանիքներու փորձառութեան մասին, որոնք յաճախ պարատադիր են իրենց ծննդավայրը թողուլ գործ կամ ապստան փնտռելու իրենց կեանքի պայմանները բարւոգելու յոյսով։ ''Մէկ մարդկային ազգ'' այս է բնաբանը պատգամին որ ուղարկեցի այս օրուան առթիւ։ Պատգամ մը որ կը մատնանշէ կէտնպատակը մարդկային ազգին ապրումին դարերու հոլովոյթին։ Այս պատճառաւ հիմնական է որ քրիստոնեաները, տարածուած աշխարհի չորս ծագերուն, հետեւաբար` տարբեր լեզւով, մշակոյթով ու աւանդութեամբ, մէկ են Քրիստոսի մէջ։
Այս է նաեւ նպատակը քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան։ Այս տարի այս շաբաթուած խորհրդածութիւնն ու աղօթքը ներշնչուած է Գործ Առաքեալներու Գիրքի սա համարէն. ''անոնք` հաւատացեալները, կը յարատեւէին Առաքեալներու ուսուցման մէջ, հաւատարիմ էին հաղորդութեան, հացի բեկանումին եւ աղօթքներուն'' ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան նախօրեակին, երկուշաբթի 17 յունուար, հրեայ-քրիստոնեայ երկխօսութեան օր է, այս զուգադիպութիւնը մեզի կը յիշեցնէ երկու կրօները միացնող արմատները։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները իրենց աղօթքը բարձրացնել Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի պահպանէ ու պաշտպանէ գաղթականներն ու փախստականները եւ բոլոր անոնք որոնք յանձնառումով իրենց հովուութիւնը կը կատարեն անոնց մօտ։
Մարիամ մայրը եկեղեցւոյ թող ընդունի բոլորիս համար շնորհքը յառաջանալու Քրիստոսւի կատարեալ միութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.