2011-01-15 12:04:25

Վերջին 10 Տարիներուն Հայաստանէն Հեռացած Է Աւելի Քան 1 Միլիոն Հոգի։


Հայաստանի վիճակագրական տուեալները կ՛ահազանգեն, որ Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական տուեալները անհանգստացնող են: Մասնաւորապէս խօսուն են արտագաղթի տուեալները: Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին հանրապետութենէն մեկնողներուն թիւը տարուէ տարի աւելցած է՝ 457.2 հազարէն հասնելով աւելի քան մէկ միլիոնի: Պէտք է նշել, որ ամէն տարի մեկնողներուն թիւը գերազանցած է ժամանողներուն թիւը։
Ըստ Տարածքային կառավարման նախարարութեան Միկրացիոն պետական ծառայութեան տուեալներուն, 2010ի Յունուար-Նոյեմբեր ամիսներուն հանրապետութենէն մեկնածներուն թիւը 46,300ով գերազանցած է երկիր ժամանողներուն թիւը: Նշեալ ցուցանիշը 7.7 հազարով աւելի է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն: Դեկտեմբեր ամսուան տուեալները տակաւին հրապարակուած չեն, սակայն, ինչպէս կը հաւաստիացնեն արտագաղթի պետական ծառայութենէն, Դեկտեմբերին ժամանողներուն թիւը կը գերազանցէ մեկնողներու թիւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.