2011-01-15 12:02:03

Ս Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնակատարութիւնը Հռոմի մէջ։


Այս տարի եւս Ս. Ծնունդն ու աստուածայայտնութիւնը մեծ շուքով տօնուեցաւ Հռոմի մէջ - Հինգշաբթի 6 Յունուար 2011 ին, Ս. Նիկողայոսի նուիրուած Հայոց եկեղեցւոյ մէջ որ լեցուն էր հաւատացեալներով եկած տօնելու հայ եկեղեցւոյ ու կեդրոնին մէջ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը։
Հայածէս ձայնաւոր Ս. պատարագը զոր մատոյց գերապատիւ Հ. Թովմաս վրդ Կարապետեան՝ փոխ մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին, սկիզբ առաւ ժամը 11ին։ Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը, ղեկավարութեամբ ժառանգաւոր Պետրոս Աթալա Աստուածատուրեանի։
Այս առթիւ պատարագիչ վարդապետը իր քարոզին մէջ խօսեցաւ օրուան տօնին նշանակութեան մասին։
Պատարագին աւարտին (ըստ սովորութեան) կատարուեցաւ ջրօրհնէքի եւ Յիսուսի մկրտութեան արարողութիւնը ՜՜ Պատմական դարերուն, Հայաստանի մէջ ջրօրհնէքի եւ մկրտութեան կրօնական արարողութիւնը տեղի կ՝ունենար գետի մը եզերքին, Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ մկրտուած ըլլալուն օրինակով։ Ժամանակի ընթացքին սակայն, երբ հոսող գետերու եւ բացօթեայ պայմաններու մէջ տօնելը դժուարութեանց բախած է, հարկադրաբար Յիսուսի Մկրտութեան յիշատակութիւնը սկսած է կատարուիլ եկեղեցիներու մէջ՝ ջրօրհնէքի արարողութեամբ։ Սովորութիւն է ջրօրհնէքի համար նշանակել կնքահայր մը, որ այդ պատիւէն մեծարուած իր կարգին կարեւոր նուիրատուութիւն մը կ՝ընէ եկեղեցիին կամ բարի նպատակի մը համար. այժմ սակայն սովորութիւն է հաւատացեալներէն երեխայ մը ընտրել սոյն պատիւին համար՝՝։

Եւ այս տարի՝ Հռոմի հայ եկեղեցւոյ մէջ, Յիսուսի մկրտութեան յիշատակումի ընթացքին, Յիսուսի կնքահայր ընտրուեցաւ փոքրիկն Երիք Եղիազարեանը, որ նման Յովհաննէս Մկրտիչի հագած էր ոչխարի մորթէ պատրաստուած զգեստ մը ու ձեռքը խաչի ձեւով գաւազան, որուն վրայ ժապաւէն մը դրուած հետեւեալ գրութեամբ ՜՜այս է իմ սիրելի Որդին որուն ես հաճեցայ՝՝։
Մինչ երգչախումբը լսելի կ՝ընէր ՜՜ Ով Զարմանալի՝՝ ջրօրհնէքի հոգեպարար շարականը... ֆրանչիսկեան Հայր Մունզէր Սուքիասեան, թափօրով ուղղուեցաւ դէպի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչի նուիրուած խորանը ու այնտեղէն բերաւ աղաւնաձեւ սրուակը, որ կը պարունակէ Ս. Միւռոնը ու զայն յանձնեց պատարագիչ վարդապետին, որ իր կարգին օրհնեց ջուրը այս Ս. իւղով, որմէ ետք ալ Խաչը թաթխեց մկրտարանին մէջ նշան Յիսուսի մկրտուելուն, որմէ ետք զայն յանձնեց փոքրիկ կնքահայրին՝ Երիքին։
Յաւարտ Ս. Պատարագին ու Ջրօրհնէքի արարողութեան,հաւատացեալները մօտեցան մկրտուած խաչը համբուրելու օրհնուած ջուրէն խմելու ու նաեւ սրուակի մէջ լեցնելով իրենց տուները տանելու համար, ինչպէս նաեւ ստացան օրհնուած հացէն ՜՜ՄԱՍ՝՝էն թէ ուտելու եւ թէ իրենց հետ տանելու տուն կամ անոնց որոնք այլազան պատճառներով չկարողացան մասնակցիլ օրուան արարողութիւններուն։
Ապա Ներկաները ուղղուեցան Եկեղեցւոյ կից գտնուող Լեւոնեան վարժարանի դահլիճը ուր տեղի ունեցաւ խնորհաւորութիւններու փոխանակում եւ հիւրասիրութիւն։
Իսկ սիրոյ սեղանը տեղի ունեցաւ Լեւոնեան վարժարանի ճաշասրահը որ շատ գեղեցիկ պատրաստուած էր Հ Հ գաղութի խորհուրդի՝ ու Զարթօնք յանձնախումբի կողմէ, տօնական մթնոլորտի մէջ ներկաները ճաշակեցին հայկական համադամներ։
Հայր Թովմաս վրդ Կարապետեան ողջունեց մեծ թիւով ներկաները մաղթելով որ միշտ մասնակցին պատարագին ու ձեռնարկներուն։
Հոս տեղի է յիշել թէ պատրաստուած էր նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը։
որ նախ սկսաւ ՜՜Կաղանդ Պապայի՝՝ մուտքով ճաշասրահ՝ որ նուէրներ բաշխեց մանուկներուն. որոնք իրենց կարգին երգեցին ու արտասանեցին (թէ հայերէն եւ թէ իտալերէն) եւ ստացան իրենց նուէրները։
Որմէ ետք օրուան հանդիսավարը Տիար Ռոպէր Աթթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին որ սիրայօժար կը բանայ իր դռները նման տօնական օր մը անցնելու համար, շնորհակալութիւն յայտնեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն ու նաեւ ՜՜Զարթօնք՝՝ յանձնախումբի անդամներուն որոնք պատրաստեցին համեղ ճաշերը. այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն։
Մթնոլորտը աւելի ճոխացուց ՜՜երրեակ խումբի՜՜ անդամները՝ Պետրոս Աստուածատուրեան, Ճոնիի Պէլպէլեան եւ ֆատի Պաշխինճեան. հանդիսութիւնը՝ (երգն ու պարը) տեւեց մինչեւ ուշ երեկոյ։
Իսկապէս այս տարի շատ աւելի լաւ կազմակերպուած էր տօնակատարութիւնը, ըսին ներկաները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելով կազմակերպիչ յանձախումբին ու Լեւոնեան վարժարանի փոխ տեսուչին։







All the contents on this site are copyrighted ©.