2011-01-15 12:15:47

Աղօթքի Հսկում Իրաքի Եգիպտոսի եւ Նիճերիոյ Քրիստոնեայ Զոհերուն Եւ Աշխարհի Մէջ Հալածանքի Ենթարկուած Քրիստոնեաներու Համար։


Հռոմի Սուրբ Սիրտի նուիրուած Պազիլիքայի մէջ, 13 յունուար 2011 երեկոյեան ժամը 7ին՝ տեղի ունեցաւ Աղօթքի Հսկում մը Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Նիճերիոյ մէջ ահաբեկչական արարքներու զոհ՝քրիստոնեաներուն եւ աշխարհի մէջ հալածանքի ենթարկուած բոլոր քրիստոնեաներու դիտաւորութեան համար։
Ձեռնարկին որ առաջարկուած էր իտալական զանազան ընկերակցութիւններու եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններու կողմէ , իրենց մասնկացութիւնը բերին Հռոմի Քաղաքապետարանը, Լացիոյի նահանգապետութիւնը եւ Հռոմ գաւառի վարչութիւնը։
Աղօթքի այս հսկումը բաց էր ամէն բարի կամք ունեցող մարդոց ու անոր դիտաւորութիւնը եղած է զօրակցութիւն յատնել բոլոր այն քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որոնք աշխարհի մէջ զոհ են խտրականութեան եւ բռնութեան եւ միաժամանակ հաստատելու ամէն մարդ արարածի իրաւունքը վայելելու կրօնական ազատութիւնը որ խաղաղութեան առաջնորդող իսկական ուղին է։ Հսկումի արարողութիւնը նախագահեց Գերապայծառ Կուէրինո Տի Թորան Հռոմ թեմի օգնական եպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.