2011-01-14 13:19:51

Սուրբ Ծնունդը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն Ներս։


Ուրբաթ, 24 դեկտեմբեր 2010 երեկոյեան, ՀԿՄ-ի պատանիներն ու երիտասարդները խումբեր կազմած այցելեցին համայնքի զաւակներու ու միութեան համակիրներու տուները «Խորհուրդ մեծ» շարականը երգելով ու աւետելով Ծնունդը Քրիստոսի։ Կէս գիշերին հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցեց համայնքի ժողովրդապետ հայր Գէորգ վրդ. Պահէյեան, իսկ բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Քնար» երգչախումբի կողմէ։
Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի հայ առաքելական թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը ընկերակցութեամբ արժանապատիւ տէր Աբգար քհն. Գահգէճեանի։
Սուրբ Պատարագէն ետք, ներկաները ուղղուեցան Պասմաճեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ ՜՜ՀԿՄ տիկնանցի՝՝ աւանդական հիւրասիրութիւնը ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ։
Շաբաթ, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատոյց Դամասկոսի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ Յովսէփ եպս. Առնաութեանը, որմէ ետք ան ընդունեցաւ շնորհաւորութիւններ եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս։
Յետմիջօրէին Պասմաճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԿՄ-ի սուրբ Ծննդեան հանդէսը ներկայութեամբ գերապայծառ տիրոջ, հայր Գէորգ վարդապետին եւ մեծ թիւով ծնողներու, փոքրիկներու եւ միութեան բարեկամներու։ Պատանիներն ու ջահակիրներն երգ ու պարով, արտասանութիւններով ու զաւեշտներով հաճելի տրամադրութիւն ստեղծեցին։ Գերապայծառ տէրն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը։ Այս տօնական մթնոլորտը ամբողջացաւ Կաղանդ Պապայի ժամանումով, որ փոքրիկներուն բերած նուէրներով բոլորը ուրախացուց։








All the contents on this site are copyrighted ©.