2011-01-14 12:48:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 14 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետը ընդունեց
Կարտինալ Անճելօ Ամաթօ` կառավարիչը սուրբերու դատին: Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուց Աստուծոյ ծառայ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետին կատարած մէկ հրաշքը ֆրանսացի կրօնաւորուհիի մը, որ իր բարեխօսութիւնը խնդրած էր իր անբուժելի հիւանդութեան համար։ Այս հրաշքի վաւերացումով՝ երանացումը պիտի հռչակուի Վոյթիուա Քահանայապետին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մայիս մէկին Զատկուայ առաջին կիրակին, որ նաեւ կը կոչուի Աստուծոյ ողորմութեան կիրակին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Իտալիոյ Լացիօ մարզի եւ Հռոմ քաղաքի կառավարութիւնը, եկած Սրբազան Քահանայապետին ներկայացնելու՝ Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի բարեմաղթութիւնները։
Իսկ յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց կարտինալ Լեվատան` կառավարիչը հաւատոյ ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.