2011-01-13 10:17:37

Վիրահայոց Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Վրաստանի Պատրիարքին Հետ։Վրաստանի հայ


Վրաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչները՝ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրաչ Սիլվանեանի գլխաւորութեամբ, հանդիպում ունեցան համայն Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս-պատրիարքին հետ։
Իլիա Բ. պատրիարքը ջերմօրէն ընդունեց պատուիրակութիւնը։ Ան իր յարգանքը եւ բարեկամական սէրը արտայայտեց համայն հայութեան նկատմամբ եւ յորդորեց հաւատարիմ մնալ երկար դարերէ եկող հայ-վրացական եղբայրութեան եւ բարեկամութեան՝ յոյս յայտնելով, որ միասնական ուժերով յաղթահարուին երկու եկեղեցիները եւ ժողովուրդները յուզող հարցերը, այսպէս կը հաղորդէ Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը։
Վրաստանի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ այս տարի կայանայ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին այցելութիւնը Վրաստան եւ ըսաւ, որ պատրաստ է ջերմօրէն ընդունելու Գարեգին Բ. կաթողիկոսը։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին այցելութիւնը Վրաստան նախատեսուած էր 2010 թուականին, սակայն տարբեր պատճառներով քանի մը անգամ յետաձգուելէ ետք տարուան ընթացքին տեղի չունեցաւ։

Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին Այցելութիւնը Համայնքի Նահատակներուն Եւ Կարիքաւորներուն։
Տարիներու նուիրական աւանդութեան համաձայն՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, այցելեց համայնքի նահատակներու եւ կարիքաւորներու ընտանիքներուն, նաեւ Թեհրանի Հայ կանանց բարեգործական ընկերութեան հովանաւորութիւնը վայելող ընտանիքներուն։
Այս այցելութիւններուն ընթացքին առաջնորդը ընտանիքներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները։ Ապա ան ընտանիքներուն փոխանցեց նիւթական նուէրներ, Յիսուսի կեանքին նուիրուած տեսաերիզներ, պատանիներու Աստուածաշունչէն եւ բազըլներէ օրինակներ եւ Նոր Տարուան ու Ս. Ծննդեան շնորհաւորական բացիկներ։
Նոյնպէս Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդը՝ Բաբգէն եպս. Չարեան, այցելեց շիրազահայ համայնքին, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ։

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Նախագահ Մահմուտ Ահմէտինէժատին ուղղած իր նամակով, ցաւակցութիւն կը յայտնէ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ մի քանի օրեր առաջ Ուրմիոյ օդակայանին մօտ իրանեան օդանաւի արկածին տխուր առիթով: Յայտնենք , որ նոյն արկածին զոհ գացած էին 78 անձեր եւ վիրաւորուած 24 անձեր: Աւելցնենք նաեւ , որ Ուրմիա քաղաքին մէջ հաստատուած է հայ համայնք մը իր եկեղեցիով, դպրոցով ու յարակից կառոյցներով:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հանդիպումը Մաթար Եպիսկոպոսին Հետ։
Երկուշաբթի առաւօտ ( 10 յունուարին) Արամ Ա կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդը՝ Պուլոս եպիսկոպոս Մաթար։ Յայտնենք, որ Մաթար եպիսկոպոսը միաժամանակ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ, իբրեւ նախագահ կը ներկայացնէ կաթողիկէ եկեղեցիները։
Սոյն աշխատանքային հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի դիմագրաւած մտահոգութիւնները եւ յատկապէս՝ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը աւելի կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Այս ծիրին մէջ, վեհափառը եւ Մաթար եպիսկոպոս յարմար նկատեցին, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութիւնը բացառիկ նիստ մը ունենայ յառաջիկայ փետրուարին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ՝ քննարկելու համար խորհուրդը եւ ընդհանրապէս եկեղեցիները յուզող հարցերը։ Ապա անոնք կապ հաստատեցին ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող նախագահին՝ Երուսաղէմի յոյներու պատրիարք Թէոֆիլոս Բ.ին հետ ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի բողոքական եկեղեցիներու ընտանիքը ներկայացնող նախագահին՝ Մունիպ Եունան եպիսկոպոսին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.