2011-01-13 13:44:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Կոչը Քաղաքացիական, Ընկերային Ու Հոգեւոր Համակեցութեան։


Հայիթիի երկրաշարժի առաջին տարուան ոգոչումին առթիւ , Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Հայիթիի բնակչութեան հրաւիրելով զանոնք քաղաքացիական, ընկերային ու հոգեւոր համակեցութեան։ Իր այս պատգամը կարդացուեցաւ մայրաքաղաքի մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պատարագին ընթացքին։ Իր այս պատգամով Սրբազան Հայրը ուզեց Հայիթիի ժողովուրդին ուղղել յոյսի պատգամ մը. '' ժամանակն է վերաշինելու ոչ միայն նիւթական կառոյցները այլ եւ քաղաքացիական ու ընկերային համակեցութիւնը։ Աղօթքս է որ Հայիթիի ժողովուրդը ըլլայ առաջին պատասխանատուն իր ներկայ ու ապագայ պատմութեան, օգտուելով՝ միջազգային հասարակութեան տուած դրամական ու մարդոյժի առատաձեռնութենէն՝՝։
Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը նշանակեց գերապայծառ Կիր Բուլարը՝ որպէս առաջնորդ Հայիթիի մայրաքաղաք Բորդ օ Բրէնս թեմին, եւ միաժամանակ նշանակեց գերապայծառ Կլանտաս Էրիքը՝ որպէս օգնական եպիսկոպոս սոյն թեմին։ Ան նախապէս տնօրէնը եղած է Հայիթիի Գարիթաս բարեսիրական մարմնին։
Նշենք որ՝ բացի Վատիկանի ''Մէկ Սիրտ ''կոչուած բարեսիրական հաստատութեան տուած մէկ միլիոն 200 հազար տոլարին, ''Անձկութեան մէջ ապրող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' անուան կաթողիկէ բարեսիրական մարմինը իր կարգին 7 միլիոն տոլար տրամադրած է սատարելու աշխարհի ամենաչքաւոր պետութեան վերակառուցումին։ ''Անձկութեան մէջ ապրող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակն է անհատներու վերակազմումը։ Այս աղիտալի երկրրաշարժէն մէկ տարի ետք, 800 հազար հոգի տակաւին անօճախ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.