2011-01-13 13:57:20

Մայր Տաճարի Երգչախումբը Կը Մասնակցի Մոսկուայի Հոգեւոր Երգի Փառատօնին


Ընդառաջելով Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հրաւէրին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի երգգչախումբը, գլխաւորութեամբ՝ խմբավար Ռուբէն Շարպաթեանի Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի, երաժշտութեան միջազգային տան մէջ տեղի ունեցող հոգեւոր երաժշտութեան Ս. Ծննդեան առաջին փառատօնին, որ կազմակերպուած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Կիրիլ Ա-ի օրհնութեամբ։ Մայր Տաճարի երգչախումբը հայ հոգեւոր երգերու ու շարականներու կատարումներով ելոյթ կ'ունենայ յունուարի 14-ին։ Փառատօնին կը մասնակցին նաեւ խումբեր Մեծն Պրիտանիայէն եւ Սերպիայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.