2011-01-13 13:57:57

Հալէպի Հայ Համալսարանականներու Յատուկ Կայքէջի Հաստատում։


ՀԲԸՄ-ի Գալուստ Կիւլպենկեան կեդրոնի սրահին մէջ, իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութեամբ մը զեկոյց ունեցաւ երիտասարդ համալսարանական Քամիլիօ Ազուզ-Քէյվանեան, որ աւետեց հայ համալսարանականներու յատուկ կայքէջի մը հիմնադրութիւնը մատնանշելով թէ համակարգչային գիտութեան եւ համացանցային հաղորդակցութեան միջոցներու օգտագործման նուաճումը լաւագոյն նուէրն է մեզի նման ժողովուրդի մը, որուն շնորհիւ աշխարհի չորս ծագերու ցիրուցան իր զաւակները կրնան կապ հաստատել իրարու հետ։
Այլազան օգտակարութիւններու շարքին այս կայքէջին միջոցով գործարարներ պիտի դիմեն իրենց ծրագիրներուն համար յատուկ վկայեալ երիտասարդներու, ստեղծելով անոնց աշխատանքի առիթներ ։
Կայքէջը պիտի կոչուի AGBU ACADEMICS The international Armenian students network - եւ յառաջիկայ փետրուարին պիտի բացուի հանրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.