2011-01-13 12:20:15

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապը .


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութիւնը ՝՝հրաժարած՝՝ յայտարարեց եւ անկէ պահանջեց ստանձնել ընթացիկ աշխատանքները, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։ Այս առթիւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն,յորում քննարկուեցան լիբանանեան զարգացումները։ Միւս կողմէ այսօր Մոնաքոյի իշխան Ալպեր Բ. պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան։ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն ետք իշխանը ուղղուեցաւ Նահատակաց հրապարակ, ուր ան ծաղկեպսակ մը զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.