2011-01-13 13:58:13

Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Պայթումէն 11 Օր Ետք Ղպտիներու Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւն Մը Շոգեկառքի Մը Մէջ։


Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ոստիկան մը Սամալութ քաղաքի շոգեկառքի կայարանին մէջ կրակ բացած է ղպտիներու վրայ, որոնցմէ մէկը սպաննուած է, իսկ հինգ ուրիշներ վիրաւորուած են։
Ապահովական աղբիւրներ յստակացուցին, որ դէպքին պատճառով շոգեկառքերու բնական երթեւեկը խանգարուած է, որովհետեւ աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած հետաքննութիւն եւ խուզարկութիւններ կատարուած են։ Մինչ զոհն ու վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրուած են, հարիւրաւոր քրիստոնեաներ հաւաքուած են հիւանդանոցին առջեւ, եւ ՜՜բախում՝՝ տեղի ունեցած է անոնց ու ոստիկանութեան միջեւ։ Նշենք, որ այս դէպքը տեղի ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիներու եկեղեցին պայթումի թիրախ դարձնելէն 11 օր ետք։








All the contents on this site are copyrighted ©.