2011-01-12 12:56:24

Սուրբ Աթոռի Մօտ Եգիպտոսի Դեսպանին Հանդիպումը Վատիկանի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Մամպերթիի Հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի յայտարարութենէն ետք, թէ իսլամ պետութիւնները պէտք է աւելի լուրջ ապահովական միջոցառումներու դիմեն՝ պաշտպանելու համար իրենց երկրին քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, Եգիպտոսի կառավարութիւնը տուն կանչեց Վատիկանի մօտ իր դեսպանը:
Պապը խստիւ դատապարտած էր Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Նիճերիոյ մէջ եկեղեցիներուն վրայ կատարուած յարձակումները՝ նշելով, որ պետութիւնները կրօնական փոքրամասնութիւններուն ապահովութեան համար պէտք է դիմեն ազդեցիկ քայլերու:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի բանբերը՝ Հուսամ Զաքի ըսաւ, որ Եգիպտոս Վատիկանի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է՝ անոր հետ խորհրդակցելու համար, որովհետեւ Վատիկանի վերջին յայտարարութիւնները Եգիպտոսի ներքին հարցերուն անընդունելի միջամտութիւն կը նկատուին։
Այս առնչութեամբ Վատիկանի արտգործ Նախարարը՝ Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերդին երէկ իրիկուն հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Աթոռի մօտ Եգիպտոսի Դեսպան Տիկ Լամիա Ալի Համատա Մըխըմարին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Գերապայծառ Մամպերդին դեսպանին ներկայացուց յստակ տեղեկութիւն մը Սրբազան Քահանայապետի միջամտութեան վերաբերեալ ու մանաւանդ այն ինչ որ կը հայի միջին արեւելքի մէջ Կրօնական ազատութեան եւ Քրիստոնեաներու պաշպանութեան։ Գերապայծառ Մամպերթին մատնանշեց թէ Սուրբ Աթոռը կը մասնակցի համայն եգիպտացիներու յուզմունքին ինչպէս նաեւ թիկունք կը կանգնի Եգիպտոսի կառավարութեան մտահոգութիւններուն որպէսզի կացութիւնը աւելի չվատթարանայ կրօնական բախումներու պատճառաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.