2011-01-12 12:55:18

Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան (1820-1882).
Յունուար 9-ին ոգեկոչեցինք մահուան տարելիցը հայ մտքի երախտաւորներէն Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի։


Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան մաս կը կազմէր, պատմագիր էր ու մատենագիր, լեզուաբան էր ու թարգմանիչ, որ իր ուրոյն ներդրումը ունեցաւ հայ մտքի, գրականութեան եւ մշակոյթի վերաթարմացման ու համաշխարհային արժէքներով պատուաստման մէջ, այդ ուղղութեամբ Վիեննայի Մխիթարեաններու ունեցած ներդրումներու մեծ աւանդին մէջ։

Ծնած էր 19 Փետրուար 1820ին Կ. Պոլիս, ուր եւ իր մահկանացուն կնքեց 1882ի Յունուար 9ին։

Հազիւ պատանի՝ 1833ին կ՝ուղարկուի Վիեննա, ուր 1839ին կ՝օծուի կուսակրօն քահանայ եւ, իբրեւ այդպիսին, աւելի քան քսան տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ Մխիթարեաններու ծաւալած մշակութային եւ իմաստասիրական վերանորոգման շարժումին։ 1861ին կը վերադառնայ Կ. Պոլիս՝ նշանակուելով Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի վարիչ-տնօրէն. պաշտօն՝ որուն արժանաւորապէս տէր կը կանգնի մինչեւ իր վախճանումը։

Մինաս Թէօլէօլեան ՝՝Դար մը Գրականութիւն՝՝ խորագրեալ իր գործին մէջ, ու նաեւ Մուշեղ Իշխան ՝՝Հայ Գրականութիւն՝՝ անուն իր դասագիրքերու առաջին հատորին մէջ, առանձնայատուկ յիշատակութեան կ՝արժանացնեն Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանը, իբրեւ արդի ժամանակներու հայ պատմագրութեան եւ մատենագրութեան մէջ նոր ուղի բացած հեղինակութիւն։ Իսկ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանի 2րդ հատորով՝ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան կ՝արժանանայ կրկնակի գնահատականի, իբրեւ թէ՛ համաշխարհային պատմութեան առաջին հայերէն ներկայացման հեղինակը, որ հայոց պատմութիւնը համարկած է համաշխարհայինի հունով, թէ՛ իբրեւ դասական հայերէնի անաղարտ պահպանման ու զարգացման դրօշակիրներէն մէկը, որ անդուլ պայքար մղած է մայրենին խաթարող օտարոտի ազդեցութեանց դէմ։

Ծանօթ է, որ Մխիթարեաններու Վիեննական դպրոցը կը յատկանշուի գերմանական իր ներշնչումով եւ անկէ բխող գիտական հայեցակարգով ու իմաստասիրական կարգապահութեամբ։ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան ճիշդ այդ գիտական մօտեցումը բերաւ հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ մայրենիի ուսումնասիրութեան, հարստացման ու մաքրազտման մեծ գործի անդաստանին։ Իր պատմագրութեան մեծագոյն արժանիքը այն է, որ հայոց պատմութիւնը առաջին անգամ ըլլալով շարադրած է համաշխարհային պատմութեան հետ կապուած՝ իբրեւ անոր բաղկացուցիչ մասերէն մէկը։

Հայոց Հաւատամքը յուզող դաւանաբանական հարցերու քննարկման առումով եւս ուշագրաւ ներդրում է 1864-ին լոյս տեսած Գաթըրճեանի ՝՝Հիմնական Տարբերութիւն Կաթողիկէ եւ Էջմիածնական Դաւանութեանց՝՝ գործը։ Նոյնպէս յիշատակելի է 1891-ին, յետմահու հրատարակուած անոր Հանգանակ Հաւատոյ... երկը։

Նաեւ լեզուագիտական եւ թարգմանական բազմաթիւ գործերով հարուստ է Հայր Յովսէփ Գաթըրճեանի ժառանգութիւնը։ Յատկապէս դասական հայերէնը օտարաբանութիւններէ մաքրագործելու, յղկելու եւ զարգացնելու առումով հիմնական եղած է Հայր Գաթըրճեանի ներդրումը։ Հետեւելով լեզուներու ծագման Աստուածաշնչեան մեկնաբանութեան՝ Գաթըրճեան հիմնաւորած է Հայերէնի հնդեւրոպական ծագումն ու զարգացման ուղին։
Հայ մտքի արդի ժամանակներու շունչով պատուաստումին նախակարապետներէն է՝ Հայր Յովսէփ Գաթըրճեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.