Յառաջիկայ 12 յունուարին ժամը 16.30-ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կարտինալ Պերթոնէ`
Հայիթիի երկրաշարժի տարելիցին առթիւ` Սանդա Մարիա Մաճճորէ Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ
կը մատուցէ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրբ Աթոռի մօտ
Հայիթիի դեսպանութեան կողմէ։ Սուրբ Պատարագի հրաւիրուեցան, իրենց մասնակցութիւնը բերելու՝
սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներ եւ Հռոմի դիւանագիտական
այլ ներկայացուցիչներ։