2011-01-11 12:37:36

Էդուարդ Նալբանդեան Այցելեց Պրազիլ եւ Արժանթին ։


Յունուար ամսուայ սկիզբը Լատին Ամերիկա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ Պրազիլի նոր ընտրուած նախագահ Տիլմա Ռուսեֆի երդմնատուութեան արարողութեան եւ փոխանցեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական ուղերձը։ Պրազիլ կատարած այցելութեան ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ հանդիպում ունեցաւ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Տէ Ակիար Փաթրիոթայի հետ։ Փաթրիոթայ նշեց, որ իր երկրին կողմէ Հայաստանին տրուող կարեւորութեան եւ անոր հետ համագործակցութեան զարգացման մտադրութեան մասին կը վկայէ այն փաստը, որ Կովկասի մէջ առաջին դեսպանութիւնը Պրազիլը հիմնած է Երեւանի մէջ եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ 2010 թուականին Հայաստան եւս դեսպանութիւն հիմնեց Պրազիլի մէջ։ Նալբանդեան այցելեց Պրազիլի կառավարութեան կողմէ Հայաստանի դեսպանութեան կառուցման համար տրամադրուած տարածքը, ուր մօտիկ ապագային պիտի սկսի դեսպանատան շէնքին կառուցումը։
Սաօ Փաուլօ քաղաքին մէջ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ պրազիլահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ Արժանթին կատարած այցելութեան ընթացքին Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ արժանթինցի իր գործընկերոջ՝ Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հետ եւ վերահաստատեց Երեւան այցելելու Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրը՝ ուղղուած Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Ֆերնանտես Տէ Քիրչներին։








All the contents on this site are copyrighted ©.