2011-01-10 16:07:15

Խաչքարի Բացում Եւ Օրհնութիւն Զալքայի Մէջ - Լիբանան


Հինգշաբթի, 6 յունուար 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան եւ Մկրտութեան զոյգ տօներուն արթիւ, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, հայրապետական սուրբ Պատարագ մատոյց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, առընթերականութեամբ՝ հայր Անտոն վրդ. Շատարեւեանի եւ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի։
Պատարագին ներկայ էին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Պատարագիչ հայրապետը Հայ Եկեղեցւոյ հնամենի աւանդութեան համաձայն, կատարեց ջրօրհնէրքի արարողութիւնը եւ սրբալոյս միւռոնով օրհնեց ու սրբեց ջուրը, որպէսզի ան ըլլայ աղբիւր անապաղութեան, եւ ծառայէ մեղքերու թողութեան, դեւերու ահագին խորտակման եւ աղքատներու առողջութեան։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ նաեւ նորակառոյց Խաչքարին պաշտօնական բացումը որը նուիրեցին Թերզեան ընտանիքը ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր Լեւոն Թերզեանի եւ ի յարգանք 1915-ի Եղեռնի նահատակներուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացողներուն, Խաչքարը գործն է լիբանանահայ քանդակագործ-արուեստագէտ Վարդան Աւէսեանի։
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, «սուրբ Խաչ» շարականի երգեցողութեամբ եւ յատուկ աղօթքներով, գերապայծառ տէրը, սրբալոյս Միւրոնով եւ օրհնուած ջուրով օրհնեց ու սրբեց նորակառոյց Խաչքարը, իսկ Թերզեան ընտանիքը կատարեցին Խաչքարին բացումը։
Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 25-ամեակին առթիւ, սոյն Խաչքարը հանդիսացաւ գեղեցկագոյն նուէրը Թերզեան ընտանիքէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.