Շաբաթ 8 Յունուար 2011-ին, Արամ Ա. ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան՝ Ղատան Ֆարրուքն
Ապատին, ընկերակցութեամբ իր քաղաքական հարցերու պատասխանատու երկու խորհրդականներուն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը Վեհափառին փոխանցեց կարգ մը տեղեկութիւններ.
1) Լիբանանի գծով միջազգային դատարանին շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած
է Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ու բոլոր կողմերու մօտ դրական մթնոլորտ մը գոյութիւն
ունի, եւ շուտով համաձայնութեան մանրամասնութիւնները պիտի յայտարարուին: 2) Իրանի
հիւլէական ոյժի գծով տեղի ունեցող բանակցութիւնները եւ յատկապէս Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած
հանդիպման մանրամասնութիւնները: Այս առիթով նաեւ անդրադարձ մը եղաւ Իրանի հայութեան
գծով: Արամ Ա. շեշտեց պետական կառոյցներու եւ հայ համայնքին միջեւ գործակցութիւնը
աւելի ծաւալելու ու ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: