2011-01-10 16:08:58

 Յունուար 1-8ը Ադրբեջանի կողմէ Հրադադարը խախտուած է աւելի քան 80 անգամ.


 Յունու ար 1էն 8-ը, այս եօթը օրերու ընթացքին ղարաբաղ -ադրբեջանական զօրքերու շփման գծին վրայ արձանագրուած են հրադադարի դրութեան խախտման աւելի քան 80 դէպքեր : Ինչպէս «Արմենպրէս»-ին տեղեկացուցած են ԼՂՀ մամլոյ ծառայությունէն , այդ սոյն ժամանակահատուածի մէջ հակառակորդը տարբեր զէնքերով դէպի ՝ Հադրութի, Մարտունիի , Ասկերանի եւ Մարտակերտի պաշտպանական ուղղութիւնները տեղակայուած հայկական դիրքերու վրայ արձակած է շուրջ 500 կրակոց: Սոյն ուղղութիւնները տեղակայուած դիրքապահ ստորաբաժանումներու կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններէն ետք հակառակորդը լռած է:

Միւս կողմ է ՝՝Ընդհատուած Երգը՝՝ ֆիլմը կը նախատեսուի ցուցադրել աշխարհի ծանօթ կինոթատրոններու մէջ։ Հայ- Ադրբեջանական յարաբերութիւններու մասին եղող «Ընդհատուած Երգը» աղմկահարոյց ֆիլմի ռեժիսոր Արիկ Մանուկեանը ադրբեջանական «Turan» գործակալութեանը տուած է հարցազրոյց մը : Նշենք, որ ֆիլմը կը պատմէ ` Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններու ժամանակ հայու ու ադրբեջանցիի մասին որոնք կ՝իյնան նոյն հորը, ուր անճարակութիւնը ու անել վիճակը զանոնք կը ստիպեն երկխօսութեան: ֆիլմի հերոսներէն իւրաքանչիւրը կը խօսի զինք յուզող ցաւերու մասին: «Նկատի առնելով հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւններու նկատմամբ միջազգային հանրութեան հետաքրքրութիւնը կը ծրագրենք Ռուսաստանէն , Հայաստանէն եւ Ադրբեջանէն անդին , «Ընդհատուած Երգի» ցուցադրութիւնը կազմակերպել նաեւ ԱՄՆ-ու, Ֆրանսայի , Վրաստանի, Թուրքիոյ, Հնդկաստանի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Պալքանեան շարք մը երկրներու մեծ պաստառներէն »,- ըսած է կինոհան Արիկ Մանուկեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.