2011-01-09 09:57:57

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Սիքստեան մատրան մէջ եւ որուն ընթացքին 21 երախաներուն մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատարագը Սիքստեան մատրան մէջ եւ որուն ընթացքին 21 երախաներուն մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց։

Կիրակի 9 յունուար, տօն Յիսուսի մկրտութեան ըստ լատինաց, ՊԵնետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Սիքստեան մատրան մէջ պատարագ մատուցեց եւ որուն աւարտին 21 երախաներուն մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց։

Իր ուղղած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. Մատթէոս աւետարանիչը կը պատմէ թէ Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան եկաւ Յովհաննէսի մօտ, անկէ մկրտուելու համար։ Յովհաննէս տեսնելով Յիսուսը` Աստուծոյ Սուրբը, մեղաւորներուն շարքին կեցած իր կարգին սպասելով , ուզեց արգիլել իրեն բացականչելով. դուն ինծի կու գաս, մինչ ես պէտք եմ քեզմէ մկրտուիլ։ Սակայն Յիսուս յորդորեց զայն չի դիմադրել եւ ընդունիլ ''կատարել ամէն արդարութիւն''։

Այս արտայայտութեամբ , ըսաւ սրբազան Հայրը, Յիսուս կը յայտնէ թէ աշխարհ եկաւ կատարելու կամքը Անոր որ զինք ղրկեց։ Յիսուս` Աստուծոյ Որդին է, ճշմարիտ Աստուած։ Ան աշխարհ եկաւ որպէսզի մարդիկը մեղքէն ազատագրէ ու փրկէ զանոնք։ Ահա այս պատճառաւ Յիսուս մկրտուեցաւ եւ ջուրէն դուրս ելաւ։ Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ եւ տեսաւ որ Աստուծոյ Հոգին աղաւնիի կերպարանքով կ'իջնէր եւ կու գար անոր վրայ։ Երկինքէն եկող ձայնը կ'ըսէր.''Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս զոր ես հաճեցայ ընտրել''։ Սիրեցեալ ծնողներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դուք հոս եկած էք խնդրելու մկրտութեան խորհուրդը ձեր երախաներուն, որպէսզի անոնք ունենան Աստուծոյ սէրը։ Ջուրի մկրտութեամբ ձեր երախաները այլեւս Յիսուսի կեանքին մաս կը կազմեն եւ այդ պատճառաւ, մեղքերէն սրբուած, շնորհքի կեանքը կը սկսի իրենց մէջ։ Պօղոս առաքեալը կը գրէ ''Յիսուս իր կեանքը զոհեց որ փրկէ մեզ անօրէնութենէն եւ սրբացնէ սեփական ժողովուրդ մը, նախանձախնդիր բարի գործերուն մէջ''։

Մկրտութիւնը ստանալով ձեր երախաները ընդունեցան հոգեւոր կեանքի անջնջելի դրոշմը, անոնք այլեւս Տիրոջ կը պատկանին եւ դարձան անդամ Քրիստոսի մարմնոյն, որ է Եկեղեցի։ Եկեղեցին որ զիրենք կ'ընդունի, պարտականութիւնը ունի ծնողներու, կնքահայրերու ու քնքամայրերու հետ միասին կրթել զանոնք Աւետարանի հոգիով։ Այս պատճառաւ ժողովրդապետութիւններու պարտականութիւնն է մօտէն հետեւիլ ընտանիքին, որ արտենի եկեղեցի է, հաղորդելու ճշմարիտ հաւատքը ։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր քարոզը եզրափակեց գոհութիւն մատուցանելով Տիրոջ որ այս երախաներուն պարգեւեց մկրտութեան շնորհքը. թող Ս. Հոգւոյ պարգեւները միշտատեւ բնակին իրենց սրտերուն մէջ եւ խնդրենք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամէն անոնց համար կեանք եւ առողջութիւն, որպէսզի աճին ու հասունան հաւատքին մէջ ու անոնց կեանքը տայ պտղուները սրբութեան ու սիրոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.