2011-01-09 09:58:37

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Սոփրանօ Արաքս Մանուկեան.


Արաքս Մանսուրեանը Պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան
՝՝Կոմիտաս՝՝ Մետալով։

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան նորերս ընդունեց աշխարհահռչակ սոփրանօ Արաքս Մանսուրեանը ,այս առթիւ արուեստագէտին կ՝ուղեկցէր իր ամուսինը՝ յայտնի տիզայներ-փորագրող Յակոբ Գույուճեան։

Ջերմօրէն ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը՝ պարոն Ս. Պետրոսեանը ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնն ու յառաջիկայ ծրագրերը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով նախարարութեան կողմէ մշակուած Հայրենադարձութեան հայեցակարգին եւ ՝՝Հայրենադարձութեան մասին՝՝ ՀՀ օրէնքի նախագիծին, յաջողութեամբ ներդրուած երկքաղաքացիութեան ինստիտուտին, Սփիւռքի ներուժի համախմբման նպատակով նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող համահայկական մասնագիտական համաժողովներուն։ Պրն Ստեփան Պետրոսեանը նշեց, որ կարեւորելով երիտասարդութեան դերը՝ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը բազմաթիւ ծրագրեր կ՝իրականացնէ Սփիւռքի երիտասարդութեան ներուժը ի նպաստ Հայրենիքի զարգացման ու հզօրացման օգտագործելու համար։

Նկատի առնելով Արաքս Մանսուրեանի 35-ամեայ ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հեռաւոր Աւստրալիոյ մէջ հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման գործով ներդրած նշանակալից աւանդը՝` աշխարհահռչակ սոփրանօ Արաքս Մանսուրեանը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրամանով պարէեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ՝՝Կոմիտաս՝՝ մետալով։ Նախարարի տեղակալը ջերմօրէն շնորհաւորեց Արաքս Մանսուրեանը Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու առթիւ՝` մաղթելով առողջութիւն, երջանկութիւն, կորով ու վճռականութիւն՝` իրականացնելու իր ազգանպաստ առաքելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.