2011-01-08 13:29:57

Վիէթնամի Եկեղեցւոյ Յոբելենական Տարին Կ'աւարտի Եռօրեայ Ծիսակատարութիւններով Լա Վանկ Մարեմեան Սրբավայրին Մէջ։


Կարտինալ Տիազ Կը Բաժնեկցի Վիթնամեան Եկեղեցւոյ Մտահոգութիւններն Ու Վախերը։
Կարտինալ Տիազ` կառավարիչը ժողովուրդներու աւետարանութեան, յանուն Սրբազան Քահանայապետին 4-6 Յունուար 2011, Վիէթնամ այցելեց որպէս քահանայապետական նուիրակ եզրափակելու Վիէթնամի եկեղեցւոյ յոբելենական տարին։
Արարողութիւնները տեղի ունեցան ՜՜Լա Վանկ՝՝ Մարեմեան սրբավայրին մէջ ։
Այս յոբելեանով Վիէթնամի եկեղեցին կը վերակոչէ առաքելական առաջնորդութեան ստեղծման 350-րդ տարեդարձը եւ Վիէթնամի եկեղեցւոյ նուիրապետութեան 50-րդ տարեդարձը։
Վիէթնամի նախագահը 5 յունուարին անձամբ մասնակցեցաւ Տօնախմբութեան։
Հանոյի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, ան ըսաւ թէ կը բաժնեկցի վիթնամեան եկեղեցւոյ մտահոգութիւններ ու վախերը։Խօսելով Վիէթնամի սուրբ նահատակներու մասին, ան ըսաւ թէ անոնք ձեր ճշմարիտ բարեխօսներ են Աստուծոյ մօտ։Ապա կարտինալը ըսաւ թէ Վիէթնամի բնակչութեան 94 տոկոսը տակաւին Քրիստոսը չի ճանչնար։՜՜Այս յոբելեանը պէտք է ծառայէ Քրիստոսը ճանչցնելու ձեր հայրենակիցներուն՝՝ աւելցուց կարտինալը։
Կարտինալ Տիազ օրհնեց ԼաՎանկի Տիարամօր նոր արձանը, ինչպէս նաեւ նոր եկեղեցւոյ հիմնաքարը Հուէ արքեպիսկոպոսական թեմին, որ սերտօրէն կապուած է Լա Վանկի Տիրամօր երեւումներուն՝, ԺԸ. դարու աւարտին, խումբ մը կաթողիկէ հաւատացեալներուն, որոնք հալածանքին պատճառաւ քաղաքէն կը փախչէին։
Արդարեւ, մինչ այս հաւատացեալները հաւաքուած էին ու Ս. Վարդարանը կ՝աղօթէին, Ս. Կոյս Մարիամը ձեռքը Մանուկը բռնած եւ շրջապատուած՝ երկու հրեշտակներով, կ'երեւնայ անոնց ։








All the contents on this site are copyrighted ©.