2011-01-08 13:36:59

Նոր Ջուղայի Հայ կանանց Գթութեան Միութեան 95-ամեակի Նշում։


Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան (Կարմիր խաչ) միութիւնը հիմնադրուած է 1915-ին, նախաձեռնութեամբ խումբ մը ազգանուէր հայուհիներու ։ Միութիւնը 95 երկար տարիներ հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներու գաղափարին եւ նպատակներուն՝ ծաւալած է մարդասիրական եւ ազգանուէր գործունէութիւն։
Միութեան 95-ամեակի նշումի հանդիպումին բանախօսեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զեփիւռ Ռէիսեան։ Ան անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի ստեղծման նպատակներուն, բացատրեց ՀՅԴ-ի ուղեկից կնոջական միութիւններու պարտականութիւնները, շեշտելով, որ այդ կազմակերպութիւնները եւ ՀՕՄ-ը այսօր հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց պարտաւորութիւններուն պէտք չէ մօտենան որպէս օգնութիւն, այլ՝ որպէս ժողովուրդի զարգացման եւ բարգաւաճման ներդրում։








All the contents on this site are copyrighted ©.