2011-01-08 13:30:33

Նոր Ուխտեալ Եղբայր Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան Մէջ


Զմմառու մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 2 յունուար 2011-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն աւարտին եղբայր Յակոբ Մովսեսեան կատարեց միաբանի իր առաջին ուխտադրութիւնը։ Խարտաւիլակն էր գերյ. Հ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան՝ Զմմառու վանքին մեծաւորը, առընթերականութեամբ՝ գերյ. Յովսէփ ծ.վ. Քէլէկեանի եւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի։
Ուխտադրութեան ընթացքին, եղբայր Յակոբ ծնկաչոք սուրբ խորանին առջեւ, Հոգեւոր տիրոջ դիմաց իր աջ ձեռքը դնելով սուրբ Աւետարանին վրայ կատարեց Հաւատոյ դաւանանքը եւ նզովեց Արիոսը, Դիոսկորոսը, Ատիքեսը եւ բոլոր հերցուածողները, ապա հանրօրէն եւ կամովին յայտարարեց որ կ՝անդամակցի Զմմառու պատրիարքական Արծիւեան միաբանութեան, ուխտելով հնազանդութիւն միաբանութեան մեծաւորներուն եւ ապրիլ ողջախոհութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երդումով հաստատեց աղքատութեան խոստումը, խնդրելով Աստուծմէ եւ սուրբ Աւետարանէն օգնութիւն եւ շնորհք, զինք անաղարտ պահելու համար մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Արարողութեան աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը , վանքին մեծաւորը եւ վարչական հայրերը, նուիրեալ եղբայրը եւ իր ծնողքը վանքին դահլիճին մէջ ընդունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք դպրեվանքին սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան մը։
Նշենք, որ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան վերջին միաբան եղբայրը եղած էր Մարաշցի եղբայր՝ Աւետիս Օրջանեանը (ուխտերը կատարած՝ 8 դեկտեմբեր 1901-ին, եւ վախճանած՝ Զմմառու մէջ, 1906-ին)։ Եւ ահա 105 տարիներ ետք, միաբանութիւնը կրկին կը ծաղկի ուխտեալ միաբան նոր եղբայրով մը։
Ռատիովատիկանի Հայերէն Հաղորդումներու անձնակազմը այս առթիւ, կը շնորհաւորէ Զմմառու միաբանութիւնը, մաղթելով որ Աստուած նորանոր կոչումներ պարգեւէ ի պայծառութիւն Արծիւեան միաբանութեան եւ վերելք հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, բարեխօսութեամբ Զմմառու ցաւագին Աստուածամօր։



























All the contents on this site are copyrighted ©.