Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը նշանակեց - Հայր Մունիոզը՝ որպէս ենթաքարտուղար ''Մէկ
Սիրտ'' կոչուած քահանայապետական բարեսիրական խորհուրդի։ - Գերապայծառ Դրավալինոն,
որպէս մնայուն դէտ ՄԱԿի գիւղատնտեսական զարգացման միջազգային ֆոնտին։ Եւ պրազիլցի
գերապայծառ Բրազ տէ Ավիսը՝ որպէս կառավարիչը կրօնաւորական հաստատութիւններու ժողովին։
63-ամեայ գերապայծառ Բրազ տէ Ավիսը կը փոխառինէ կարտինալ Ռոտէ որ 76 տարեկան է։ կրօնաւորական
հաստատութիւններու ժողովին նոր կառավարիչը՝ Գերապայծառ Բրազ տէ Ավիս, եղած է իմաստասիրութեան
եւ աստուածաբանութեան դասախօս եւ կազմակերպիչը Ս. Հաղորդութեան ազգային 16-րդ ժողովին։
Նորին Սրբութիւնը Նաեւ նշանակեց Եւրոպայի նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի
անդամ 9 կարտինալներ, սատար հանդիսանալու վերոյիշեալ խորհուրդի նախագահ գերապայծառ ֆիզիքելլային,
ու նաեւ այլ տասը անդամներ։ Նոր Աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի 19 անդամներու
մեծամասնութիւնը եւրոպացի են։ Անցեալ Հոկտեմբերին սկիզբը , Նորին Սրբութիւնը ստեղծեց
Եւրոպայի նոր աւետարանութեան քահանայապետական այս խորհուրդը, նոր սլացք մը տալու՝ Եւրոպայի
աւետարանութեան։ 2012-ի հոկտեմբերին նախատեսուած է եպիսկոպոսական սիւնոդոսի մը գումարումը
նուիրուած Եւրոպայի աւետարանութեան։