2011-01-07 14:11:32

Ոչ եւս է Ստեփան Ալաջաջեան «Չխոնարհող Եղէգներու» Մեծատաղանդ Պատգամաբերը։


Յունուար 3ին, իր ծննդեան 86րդ տարեդարձը պիտի տօնէր հայ գրականութեան նորագոյն շրջանի մեծ վարպետներէն Ստեփան Ալաջաջեանը։
Բայց ճակատագիրը դասաւորեց այնպէս, որ «Եղէգները չխոնարհուեցին» վէպով անմահութիւն նուաճած հայ գրողը, իր ծննդեան 86րդ տարեդարձին քանի մը օր մնացած, առյաւէտ հեռանայ այս աշխարհէն…
Տարաբախտ կեանք մը ունեցաւ Ս. Ալաջաջեան։ Կոկորդի քաղցկեղ յայտնուեցաւ մօտը եւ ստոյգ մահէ փրկուեցաւ 1980ականներու սկզբնաւորութեան, երբ վիրահատեցին եւ ձայնային լարերը հեռացուցին։ Մնաց առանց ձայնի, կեանքին մնացեալ ժամանակը արուեստական խօսափող օգտագործեց, բայց գրիչը բնաւ ձեռքէն վար չդրաւ եւ անդուլ իր սիրտն ու միտքը բաց պահեց ընթերցողին առջեւ։
Եւ այդպէս, տասնամեակներու մաքառումէ ետք, 23 Դեկտեմբեր 2010ին, Լոս Անճելըսի մէջ, շիջեցաւ աստղը հայ արձակի ու հայ մտքի տաղանդաշատ այս ներկայացուցիչին։
Տաղանդաւոր գրողը ծնած էր Հալէպ, Սուրիա, զէյթունցի Եղիա Ալաջաջեանի յարկին տակ։ Կրթական ու գրական իր կազմաւորումը ստացած երիտասարդ էր, երբ 1946ին ընտանեօք տեղափոխուեցան Հայաստան ու հաստատուեցան Զէյթուն թաղամասը։ 1951ին աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժնի հոգեբանութեան եւ տրամաբանութեան հիմնարկը, իսկ 1957ին ԽՍՀՄ Գրողների Միութեանն առընթեր գրական բարձրագոյն դասընթացները (Մոսկուա): 1957-1963ին մաս կազմեց «Սովետական Գրականութիւն» ամսագրի խմբագրութեան, իբրեւ արձակի բաժնի վարիչ: 1966-1967ին ստանձնեց «Հայաստան» հրատարակչութեան գեղարուեստական գրականութեան խմբագրութեան վարիչի պատասխանատուութիւնը։ 1967էն 1975, եղաւ Հայաստանի Սովետական Գրողների Միութեան վարչութեան քարտուղար։ Իսկ 1980-էն ետք ստանձնեց ՀԽՍՀ Մշակոյթի նախարարութեան Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին տնօրէնութիւնը։
1991 թուին Ստեփան Ալաջաջեան արտագաղթեց Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս, ուր հիմնեց եւ հրատարակեց «Համայնապատկեր» ամսագիրը ։ Ալաջաջեանի գործերը թարգմանուած են ռուսերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, չեխերէնի, պուլկարերէնի, էստոներէնի եւ բազմաթիւ այլ լեզուներու՝ արժանանալով առանձին հրատարակութեանց։
Նաեւ ինք՝ Ս. Ալաջաջեան տաղանդաւոր թարգմանիչ էր։ Շէյքսփիրի եւ Ժան–Փօլ Սարթրի կարեւոր գործերը հայացուցած է։







All the contents on this site are copyrighted ©.