2011-01-07 14:14:32

Հայաստանի Եզիտիական Համայնքը Նոր Տարին Կը Նշէ Ապրիլին։


Հայաստանի ազգային ամենամեծ փոքրամասնութիւնը՝ եզիտիական համայնքը, Ամանորը կը նշէ ո՛չ թէ Դեկտեմբեր 31ին, այլ Ապրիլ 13ին յաջորդող առաջին Չորեքշաբթին:
Ըստ համայնքի ներկայացուցիչ, «Եզտիխանա» թերթի խմբագիր Խըտր Հաճոյեանի, եզիտիները, թէեւ Դեկտեմբեր 31ին նոյնպէս կը նշեն Նոր Տարին՝ յարգելով միւսները, «Սակայն մենք ունինք մեր նոր տարին, որ կը նշուի ամէն տարուան Ապրիլ 13էն ետք, առաջին Չորեքշաբթի օրը, եւ կը կոչուի «Չարշշամայ սարէ սալէ», ըսած է Խըտր Հաճոյեան: Անոր տեղեկութիւններով, այդ օրը եզիտիները նախ կ՛այցելեն գերեզմանատուներ, այնուհետեւ կը շարունակեն իրենց ուրախութիւնը:
Նշենք, որ եզիտիական համայնքի Ամանորը կը կապուի Մալակէ Տաոսի ծննդեան հետ. անիկա Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած առաքեալ մըն է: Եզիտիները յաճախ Սուրբ Ծնունդն ու Ամանորը նոյն օրը կը նշեն։







All the contents on this site are copyrighted ©.