Եւրոպական Եւ Ամերիկեան Խումբ Մը Եպիսկոպոսներ Մտադիր Են Այցելել Ս. Երկիրը Մօտէն Ճանչնալու
Քրիստոնեաներու Ներկայ Իրավիճակը։
Եւրոպայի եւ Ամերիկայի եպիսկոպոսական դասերու մէկ պատուիրակութիւնը 9-13 յունուար կ'այցելեն
Իսրայէլը եւ Պաղեստինը։ Պատուիրակութեան նպատակն է ՜՜տեղեակ ըլլալ Ս. Երկրի քրիստոնեաներու
կացութեան՝՝։ Եպիսկոպոսներու այս խումբը տեսակցութիւն պիտի ունենայ մասնաւորապէս լատիններու
պատրիարք Թուալի եւ առաքելական դեսպան Անթոնիօ ֆրանքոյին հետ։