Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը Գերերջանիկ ֆուատ Թուալ , Պատւոյ Տոքթորայի Արժանացաւ
Խաղաղութեան Ի Խնդիր Իր Տարած Աշխատանքին Համար։
Բատերբոն՝ Գերմանիոյ աստուածաբանութեան համալսարանը յառաջիկայ 9 մայիսին աստուածաբանութեան
պատւոյ տոքթորա կը շնորհէ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալին
խաղաղութեան ի խնդիր իր տարած աշխատանքին համար։ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը ծնած
է Յորդանանի Մատապա շրջանը 1940ին։ 1966ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է եւ մասնագիտացած՝
կանոնագիտութեան մասնաճիւղին մէջ։ Եղած է առաքելական դեսպան Հոնտուրաս, Գահիրէ , Պոն
եւ Լիմա, ապա նշանակուած է Թիւնիզի առաջնորդ։ 2005ին կը նշանակուի Երուսաղէմի տեղապահ
պատրիարք։ 2007ին կը դառնայ անդամ միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին եւ 2008ին
կը բարձրանայ Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքական աթոռին վրայ։