2011-01-05 10:01:26

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Չորեքշաբթի 5 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կ'այցելէ Հռոմի Ճեմելլի բազմաբուժարանը, հանդիպում ունենալու հիւանդ մանուկներու հետ եւ միժամանակ օրհնելու մանուկներուն վերապահուած նոր կեդրոնը։
- Յունուար 6-ին Տօն Աստուածայայտնութեան, Սրբազան Հայրը հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցանէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։ Ապա իր գրասենեակի պատշգամէն Կէսօրին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը կը կատարէ։
- 8-13 Յունուար, Երուսաղէմի մէջ տեղի կ'ունենայ Ս. Երկրի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու ներկայացուցիչներու տարեկան հաւաքը, խօսելու՝ այդ շրջանի քրիստոնեաներուն օգնութիւն հայթայթելու մասին։
- Կիրակի 9 յունուարին՝ տօն Յիսուսի մկրտութեան ըստ լատինաց, Սրբազան Քահանայապետը իր սովորութեան համաձայն մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ 22 երախաներուն, Վատիկանի Սիքստեան մատրան մէջ։
- Իսկ երկուշաբթի որը, 10 յունուարին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրուիթիւն կը շնորհէ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած՝ դեսպաններուն, Ծննդեան եւ Անմանորի բարեմաղթութիւնները փոխանակելու։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր ճառ մը կ'ուղղէ դիւանագիտական մարմնին երկրագունդի հարցերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.