2011-01-05 12:24:13

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


՜՜Աստուածայայտնութեան Տօնը՝՝ ։
Չորեքշաբթի 5 յունուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներուն, խմբուած՝ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը այսօրուայ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին նշանակութեան վրայ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Ձեզ ուրախութեամբ կ'ընդունիմ այս 2011ի սկիզբը եւ կը ներկայացնեմ իմ ջերմագին բարեմաղթութիւնները, ձեզի եւ ձեր ընտանեկան պարագաներուն։
Տօնական այս մթնոլորտին մէջ ամէնքս կը զգանք թէ Յիսուսի Ծնունդը կը համապատասխանէ մարդու ամենախոր ակնկալութիւններուն։ Աստուծոյ Յայտնութիւնը իր Մարդեղութեամբ մեզի պարզեց Ճշմարտութիւնը պատմութեան մէջ։ Ծիսակատարութիւնները մեզ ապրեցուցին ու զգալ տուին Միածին Որդիին մուտքը աշխարհ։ Ամէն մէկ ծիսակատարութիւն ինքնին Յայտնութիւն մըն է Յիսուսի ու պատմութիւնը` Փրկութեան։ Հին Կտակարանի մէջ Աստուած նշաններով կը յայտնէր ինքզինք, սակայն Յիսուսի մարդեղութեամբ Փրկութիւնը կը դառնայ շօշափելի` ''մարմինը ինքնին կը դառնայ փրկութեան պատճառ'' եւ Բանը մարմին եղաւ, արդէն ՜՜մսուրը՝՝ կ'աւետէ Զատիկը` որովհետեւ մարդացեալ Աստուածը մեր Փրկութիւնն է։
Այս հեռանկարով մսուրի այցելութիւնը, ըսաւ Սրբազան հայրը իր խօսքը եզարափակելով, մեզ կ'առաջնորդէ դէպի Ամենասուրբ Հաղորդութիւն, ուր կը հանդիպինք ողջ Քրիստոսին, խաչուած ու յարութիւն առած, այլ եղանակով իրապէս ներկայ Քրիստոսին։
Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, խնդրելով անոնցմէ որ աշխատին իրագործել վեհանձնութեամբ ու քաջութեամբ՝ Աստուծոյ ծրագիրը մեզի համար , որովհետեւ Ինքն է անշարժ ժայռը, որու վրայ կարելի է շինել մեր կեանքը։ Սիրելիներ, Աստուած մեզի կը յայտնուի եւ կու տայ իր փրկութիւնը, եկեղեցւոյ խորհուրդներու միջոցաւ։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով. ՜՜ հետեւելով մոգերուն դուք եւս եկած էք երկիրպագելու Մանուկին։ Թող Քրիստոսի լոյսը լուսաւորէ ու վերանորգէ ձեզ որպէսզի Աւետարանը տանիք ազգերուն ։ Ձեզի բոլորիդ կը մաղթեմ նոր տարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.